ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈԻՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երկրորդական բաժինի աշակերտներուն կազմակերութեամբ Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ։

ԺԱ. դասարանէն Արին Կիւլլիւճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն։ Այնուհետեւ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը. յաջորդաբար ասմունքեցին Շահան Հաւաթեան (ԺԱ) եւ Նարօտ Խաչատուր (Ժ) Գեղամ Սարեանի «Դէպի Կառափնարան»ը, Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան (Է) ՝ Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»ը, Լոռի Մխճեան (Է) Թումանեանի «Հայ Ուխտաւոր»ը։ Ապա Կայէլ Գրիգորեանի (ԺԱ). Կարօ Գրիգորեանի (ԺԲ) եւ Նարեկ Մեսրոպեանի (ԺԲ) նուագէն ետք, յաջորդաբար ասմունքեցին Ալիք Քէշիշեան (Ե)՝ Թէքէեանի «Պիտի իյնաս»ը եւ Հրակ Լախեան (Թ)՝ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»ը։ Ժ. եւ ԺԱ. դասարանի խումբ մը աղջիկներու պարով աւարտեցաւ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը։

Բոլոր աշակերտները երգեցին «Ախպերս ու ես», ապա Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան գնահատեց նման ձեռնարկներ կազմակերպելու զուտ աշակերտական նախաձեռնութիւնները, մասնաւորաբար՝ նախակրթարանի մասնակցութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ժողովուրդ մը իր գոյութեան համար կ’ունենայ անցեալ, ներկայ եւ ապագայ։ Անցեալը կը սորվիք հայոց պատմութեան մէջ, թէ ի՛նչպէս 24 ապրիլէն ետք գոյատեւեցինք իբրեւ հայեր. ներկան կը պարտինք անոնց, իսկ դուք ապագա՛ն էք, հայերէնի պահպանման ու գոյատեւման երաշխիքը։ Մենք պիտի շարունակենք այսպիսի յաղթական անցեալէն դէպի յաղթական ապագայ»։

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9-ին, աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։