ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 103 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։

Մանկամսուրի փոքրիկները սորվեցան, որ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին պէտք է մոմ վառեն իրենց մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն ծնողներուն յիշատակին: Նորսիկեան մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու փոքրիկները առաւօտեան ժամը 8:00-ին իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ գացին Անթիլիասի Մայրավանք, ուր Նահատակաց Մատուռին մուտքին ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին անմար կրակին առջեւ: Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։

Նախակրթարանի աշակերտներուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան պատմական ակնարկէ մը ետք, աշակերտներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը եւ բացատրեց քայլարշաւին նպատակը։

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Մերտխանեան, ապա Ռիթա Մուրատեան ասմունքեց Համաստեղի «Հայու Ոգին», որմէ ետք Կայէլ Գրիգորեան քանոնով նուագեց «Ատանայի Ողբերգ»ը եւ «Կռունկ»ը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տէմիրճեան: Ան ըսաւ. «Այսօրուան, Ապրիլ 24-ի խորհուրդը պէտք է տեսնենք մեր կայուն, հաստատ, հզօր եւ արդար պետականութեան մէջ, մեր հայրենիքին մէջ, որուն հիմնադրման 100-ամեակը կը նշենք այս տարի. Հայաստա՛նը ծաղկեցնելու, զարգացնելու պատգամ – խորհուրդ մը, որպէսզի ապագայ սերունդները տեսնեն, թէ մենք միայն զոհեր չենք եղած,  այլ՝ վերապրած, զարգացած ենք որպէս ժողովուրդ եւ այս երկրագունդին վրայ ապրելու մեր իրաւունքը նուաճած ենք կրակի եւ սուրի տակէ անցնելով՝ մեր աննկուն կամքով: Ապրիլ 246ը  մեզի համար յառաջ երթալու, այս աշխարհին մէջ իբրեւ ազգ, եւ յատկապէս հա՛յ մարդ զարգանալու եւ գոյատեւելու մեր ուխտին վերանորոգման օրն է նաեւ: Ցեղասպանութիւն վերապրողի զաւակ ըլլալը հայութեան համար, յատկապէս սփիւռքահայութեանս համար, մեր ինքնութեան ծանր մասն է: Ահաւոր է երբ ցեղասպանութիւնը մեզ կը համախմբէ, անարդարութեան դէմ պայքարը մեզ կը միաւորէ եւ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը մեզ կը միացնէ: Պէտք է դուրս գանք զոհի հոգեբանութենէն եւ իւրաքանչիւր Ապրիլ 24 նորոգենք ապրելո՛ւ եւ ապրեցնելո՛ւ մեր ուխտը: Այս տարի կը նշենք նաեւ Արցախեան շարժման երեսունամեակը: Արցախեան պահանջատիրութիւնը մեզ զոհի իրավիճակէն դուրս բերաւ եւ այս անգամ մեզ միաւորեց յաղթանակի շուրջ: Իբրեւ ապագայի ղեկավարներ եւ առաջնորդներ՝ դուք իւրաքանչիւրդ, պատասխանատուութիւն ունիք մեր հաւաքական կեանքէն ներս: Հայ ինքնութեան պահպանման ամենաբարձր գիտակցութեամբ, համաշխարհայնացման եւ անսահման հաղորդակցութեան այս օրերուն, դաստիարակուինք, կրթուինք եւ զարգանանք՝ համախմբուինք եւ պահենք մեր ինքնութիւնը»: Ան իր անձնական օրինակը պատմեց, թէ ի՛նչպէս  շուրջ տաս տարի Պելճիքա հաստատուած՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու անձերէն մէկը ըլլալով իր նպաստը բերած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն մէջ, օրինակ՝ Եւրոպական միութեան խորհրդարանի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պելճիքայի եւ այլ երկիրներու: Այս բոլորով հանդերձ Պելճիքայի մէջ հայկական դպրոցի չգոյութիւնը զինք մղած է վերադառնալու Լիբանան իր զաւակներուն հայեցի ամբողջական դաստիարակութեան համար: Պետօ Տէմիրճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հպարտ եղէ՛ք ձեր դպրոցով, Ճեմարանով ապրեցէ՛ք ամէն օր: Այս վարժարանի հիմնադիրներն արդէն Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Հայաստանի անկախութիւնը կերտած մեծ հայորդիներէն են, որոնք լաւագոյն պատասխանը տուին ցեղասպան թուրքին եւ թալեաթներուն, որ հայը կայ ու կը մնայ, պիտի զարգանայ եւ իր երթը շարունակէ: Սիրելի Ճեմարանի սիրելի աշակերտներ, ինչ ալ ըլլաք, ուր ալ հասնիք, մի՛ մոռնաք ձեր ով եւ ինչ ըլլալը: Յիշեցէ՛ք, որ մեր մայրիկները անապատներու աւազներուն վրայ մեզի հայերէն այբուբենը կը սորվեցնէին: Դուք ալ պիտի փոխանցեցէք զայն ձե՛ր զաւակներուն»:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի այս առիթով գիտակցութեան, յարգանքի եւ լրջախոհութեան մասին խօսքը լսելէ ետք, ձեռնարկը աւարտեցաւ բոլոր աշակերտներուն կողմէ «Ախբերս ու ես» երգով:

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։