ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ՝ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, Ժամհուր դպրոցին տարածքէն ներս տեղի ունեցան վազքի մրցումներ, որոնց մասնակցեցան ճեմարանականներ Հրակ Կիւրիւնլեան եւ Արմէն Եղիայեան: Անոնք երկուքն ալ արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ: Հրակ Կիւրիւնլեան (Է. դասարան) 50 մասնակիցներու մէջէն հանդիսացաւ 11-րդ, իսկ Արմէն Եղիայեան (Թ. դասարան) 35 մասնակիցներու մէջէն՝ 6-րդ: 

 Կը գնահատենք Արմէնն ու Հրակը՝ անոնց մաղթելով աւելի փայլուն արդիւնքներ: