ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին եւ սպասեցին Կաղանդ Պապուկին։

Վերջապէս Կաղանդ Պապուկը եկաւ իր թզուկներուն հետ եւ աշակերտներուն ուրախութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ ստացան Կ. Պապուկին բերած գեղեցիկ նուէրները։