Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին եւ իրենց պատրաստած անմոռուկ ծաղիկները զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Նոյն առիթով, հայերէն լեզուի դասատուն փոխանցեց իւրաքանչիւր նահատակ մտաւորականին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։ Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի Մայրավանք, ուր ծաղկեփունջեր զետեղեցին Ս. Ստեփանոս մատրան առջեւ, որմէ ետք եկեղեցի մտան եւ աղօթեցին նահատակներուն հոգիներուն համար։
ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
