Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, տարրական բաժինի աշակերտները պատրաստեցին Նոր Տարուան յատուկ ձեռային աշխատանքներ, ապա ուղղուեցան դէպի «Playo by Louna» թատերասրահ, ուր դիտեցին Կաղանդի երաժշտախառն թատրերգութիւնը: Անոնք պատրաստեցին եւ համտեսեցին տուրմով հացիկներ, շոգեկառքով պտըտեցան եւ խաղավայրը խաղացին:
Հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցընելէ ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց, ուր Կաղանդ Պապուկը իրենց կը սպասէր անակնկալներով։
