ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս:

Աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը եւ խմբական երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Փոքրիկները նուէրներով տուն վերադարձան: