Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կը նշեն Հայաստանի անկախութեան տօնը: Յայտագիրը կը սկսի Հայաստանի քայլերգով, ապա երրորդ դասարանի աշակերտները կ’ընթերցեն հայ զօրավարներու եւ բանաստեղծներու անկախութեան նուիրուած խօսքեր: Օրուան խորհուրդը կը փոխանցէ Ճեմարանի շրջանաւարտ Բագրատ Գրիգորեան: Ձեռնարկը կ’աւարտի Սարդարապատ յաղթերգով:
Աշակերտները անկախութիւնը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներ կը կատարեն, ապա ներկայ կը գտնուին բարձր դասարաններուն կազմակերպած անկախութեան տօնակատարութեան ձեռնարկին: