ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին օրուան խորհուրդին վերաբերող երգեր ու արտասանութիւններ, ապա անոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ուսուցիչներուն պատրաստած հանելուկ-խաղերուն: Ձեռնարկի աւարտին, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Բ. եւ Գ. դասարաններէն հետեւեալ աշակերտներուն տարեդարձներուն նշումով. Բ. դասարանէն՝ Արսլանեան Բարտի, Աւետիս Լոռի, Գալայճեան Ալեակ, Յովսէփեան Լոռի, Ջուլհաճեան Սէրլի, Թորոսեան Աւօ, Խանճեան Կի, Սթեֆան Փաուլօ, Աբիկեան Թամար, Կարապետ Լիլիթ, Մարգարեան Գարոլինա, Պապիկեան Լոռի, Արբաճեան Հրակ, Թորգոմեան Ճիովանի, Հանաշեան Կարէն, Մաքտեսեան Քրիսթոֆ, Սեմէրճեան Րաֆֆի-Իւլիս,Պաստաճեան Սէրլի Գ. դասարանէն՝ Յակոբեան Մարիլին, Ահարոնեան Գարլօ, Արթուն Միքայէլ, Թասլաքեան Մանուէլ, Տէմիրճեան Յակոբ, Դարբինեան Մեղրի, Թորթեան Գարին, Քէօսէեան Նարեկ