ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

2010-2011 տարեշրջանի տարրական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 10 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Վեց աշակերտներու կողմէ կատարուած բացման խօսքէն ետք, տարրական բաժինի աշակերտները հիւրերուն, ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին «Պոչատ Աղուէսը» երգախառն թատերախաղը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին։ Երգուսոյցն էր Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ պարուսոյց՝ Մարիժան Ատուրեան։ Բեմի յարդարումը իրագործած էր գեղանկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանը։ Կենսուրախ մթնոլորտի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը, որ բարձր գնահատեց աշակերտներուն համարձակութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխոյժ ու անկաշկանդ կեցուածքը բեմին վրայ։ Ձեռնարկի աւարտին հանդիսատեսները խուռներամ բազմութեամբ ուղղուեցան տարրականի գոց բակը եւ դիտեցին աշակերտներուն ձեռային աշխատանքներն ու գծագրութիւնները։ Ձեռային աշխատանքները իրագործուած էին Էլօ Մելքոնեանին ցուցմունքներով, իսկ գծագրութիւնները՝ Գրիգոր Արբաճեանի ցուցմունքներով։ Ներկաները Ճեմարանէն բաժնուեցան ուրախ ու գոհունակ սրտով։ Աշակերտները բաժնուեցան դպրոցէն, ուսուցիչներէն ու դասընկերներէն 2011-2012 տարեշրջանին նոր ոյժ ու եռանդով դարձեալ հանդիպելու եւ յաջող տարեշրջան մը բոլորելու յոյսով ու փափաքով։ Վարձքը կատար բոլոր ուսուցիչներուն։