ՏԱՐԲԵՐ-ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐ

Լեզուն հաղորդակցութեան, արտայայտումի եւ միտքերու փոխանցումի միջոց է: Մարդիկ իրենց գաղափարները, զգացումները եւ տեղեկութիւնները կը փոխանակեն լեզուի միջոցով:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հազարաւոր եւ տարբեր տեսակի լեզուներ իւրայատուկ հնչիւնաբանութեամբ, քերականութեամբ եւ բառապաշարով, ինչպէս՝ բանաւոր լեզու, գրաւոր լեզու, շարժումներով եւ ձեւերով լեզուներ:

Այսպէս, հայերէնի դասապահուն, «Տարբեր-տարբեր լեզուներ» բնաբանի ծիրէն ներս նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները զրուցեցին տարբեր-տարբեր լեզուներու մասին, ապա ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի՝ Լիզա Ժագմագեան, աշակերտներուն ներկայացուց նշաններով արտայայտուելու լեզուն (նշանի լեզու, sign language):