Երկրորդականի Բ. Կամ Գ. տարին էր, ճիշդ չեմ յիշեր:
Այդ օրերուն հայկականութիւնը եւ հայկական արժէքները շատ մեծ տեղ կը գրաւէին մեր հոգիներուն մէջ (հիմա ալ բան չէ պակսած դեռ): ԼԵՄ-ական, ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, Համազգայինի պարախումբ… Փաստօրէն ամէն տեղ արձանագրուած էինք:
Եւ այդ սէրը հայութեան նկատմամբ մեր մէջ արթնցնողները եւ սերմանողները, բոլոր ուսուցիչ -ուսուցչուհիներուն կողքին, մասնաւորաբար մեր հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներն էին. յիշելու համար` պարոնայք Գէորգ Գանտահարեան, Երուանդ Փամպուքեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Գրիգոր Շահինեան: Տնօրէնը` պարոն Հրաչ Տասնապետեանն ալ իր շուքով եւ կուսակցական պաշտօնով մեծ դեր ունէր, թէեւ հազիւ երկու պահ դասաւանդած էր մեզի:
Սակայն այս բոլորին կողքին կային կարգ մը նիւթեր, որոնք այդքան ալ հաճելի չէին մեզմէ շատերու, կամ նուազագոյնը` ինծի համար. օրինակ` Հայաստանի աշխարհագրութիւն: Հետաքրքրական էր, բայց դասագիրքին մէջ կային բաժիններ, որոնք ոչ մէկ բան կ՛ըսէին: Այդ օրերուն Հայաստանը Խորհրդային հանրապետութիւն էր: Մեր երազը եւ նպատակը Հայաստանը ազատագրել էր: Աշխարհագրութիւն: Մեզի ի՞նչ: Կլիմայ – մլիմայ, բերք- մերք… Ո՜ւֆ…
Այդ տարեշրջանին Հայաստանի աշխարհագրութեան մեր դասատուն պրն. Եփրեմն էր: Արտաքնապէս հանդարտ երեւոյթով պրն. Եփրեմը իսկութեան մէջ այդքան ալ հանդարտ չէր, մանաւանդ երբ մեզի պէս «հայասէր», բայց Հայաստանի աշխարհագրութեամբ չհետաքրքրուող աշակերտներու հետ գործ ունենար:
Մենք` դասարանին ետեւի շարքը նստող աշակերտներս, այդ պահերուն դասարանին մէջ միայն մարմնով ներկայ կ՛ըլլայինք:
Մինչ այդ, պէտք է նաեւ ըսել, որ պրն. Եփրեմը երբեք «0» նիշ չէր դներ: Յոռեգոյն պարագային. «4 ա՛ռ, տեղդ գնա՛: Դդում գլո՛ւխ»,- կ՛ըսէր:
Հիմա դառնանք բուն պատահարին:
Դասապահերէն մէկուն ընթացքին նկատեցինք, որ աշխարհագրութեան գիրքին մէջ գրուած էր, թէ «Հայաստան հարուստ է տանձի արտադրութեամբ»: Պրն. Եփրեմը ըսած կ՛ըլլայ, որ «այդ մէկը տպագրական սխալ է: Պէտք է սրբագրել: Հայաստան հարուստ է ծիրանի եւ ընկոյզի արտադրութեամբ»: Ես, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այս բացատրութիւնը չեմ լսած…
Յաջորդ դասապահը չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր մըն էր եւ` առաջին պահը:
Ես առաւօտները դպրոց կու գայի հօրս ինքնաշարժով: Երբեմն խճողումի պատճառով, ինծի պէս նաեւ քանի մը հոգի, առաջին դասապահէն քիչ մը կ՛ուշանայինք, եւ ստիպուած դասարան պէտք է բարձրանայինք յատուկ արտօնութեամբ պրն. Յովհաննէսէն, որ, իր կարգին, մեր ծնողները, ի բացակայութեան, կը յանդիմանէր իրենց անճշդապահութեան համար:
Այդ պահը այդ ուշացումի օրերէն մէկուն զուգադիպեցաւ:
Պրն. Եփրեմը սովորութիւն ունէր ամէն դասապահի առաջին 15 վայրկեանը յատկացնել աշակերտներու հարցաքննութեան, ստուգելու համար, թէ որքանով սորված էին կամ հետեւած դասարանին մէջ տրուած բացատրութեան:
Ուրեմն այսպէս քանի մը աշակերտ կը հարցաքննէ: Հարցումը հետեւեալն էր. «Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է»:
Գիրքին մէջ «տանձ» գրուած է:
Առաջին քանի մը հոգին, բոլորն ալ` «տանձով, պարո՛ն» կ՛ըսեն եւ պարոնէն նոյն պատասխանը կ՛առնեն. «Դդում գլուխ: Տանձո՞վ: Անցեալ պահուն դասարանը չէի՞ր դուն: Ես ի՞նչ ըսի: Դդում» (իր սիրած բառն էր աս): Վերջին հարցաքննուող անձին տուած` «տանձով, պարո՛ն» պատասխանէն կատղած, ըսած կ՛ըլլայ, որ (մինչ այդ, ես այս ամբողջ անցուդարձէն տեղեակ չեմ, չէ՞ որ ուշացած էի խճողումին պատճառով…) «Մէկ հոգի ալ տանձ թող ըսէ, 4 պիտի դնեմ իրեն»…
… Եւ ես` դասագիրքերը ձեռքիս, մտայ դասարան:
– Լիպարեան, տղա՛ս, դո՛ւն ըսէ: Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է:
Ես ալ` շատ ինքնավստահ, է՛հ գիրքին մէջ անանկ գրուած է…
– Տանձով, պարո՛ն:
– Տանձո՞վ: Տանձո՞վ: Դդում գլո՛ւխ: 4 ա՛ռ, տեղդ անցի՛ր…
Առտու կանուխ հարուածը զօրաւոր էր: 4: Ինչ որ փորձեցի, ինչպէս որ փորձեցի համոզել – «պարոն – մարոն», «հաճիս-մաճիս», չքալեց: 4-ը առի եւ վիզս ծռած անցայ տեղս:
Արդեօք այս պատահարին պատճառո՞վ է, որ տանձ չեմ սիրեր: Չեմ գիտեր: Թերեւս:
Աստուած հոգին լուսաւորէ պրն. Եփրեմին: Իր խօսքերով, երբ կարեւոր բան մը բացատրէր մեզի, կ՛ըսէր. «Այս մէկը ձեր ականջին օղ ըրէք»: Այսինքն, երբեք չմոռնաք: Միշտ ձեր ուղեղին մէջ թող ըլլայ:
Անցած են տարիներ: Բայց «տանձ»-ին պատմութիւնը եւ «4»-ը չեմ մոռցած: «Հայաստանը տանձով հարուստ չէ՛»:
Ականջիս օղ ըրած եմ, պարո՛ն Եփրեմ:
ՆԵՐՍԵՀ ԼԻՊԱՐԵԱՆ
Մոնրէալ, Քանատա
3 Յունիս 2020