2020-2021 տարեշրջանի ԺԲ. Աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 6 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ  տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ԺԲ. Աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, փոքրաթիւ ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն:

Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, ապա Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Սիլվիա Տէմիրճեան ընթերցեց իր «Նամակ Ճեմարանիս» գրութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներուն պատրաստած տեսերիզը՝ դպրոցական յիշատակելի նկարներով: Կալի Քէշիշեանի «Շնորհակալ եմ, Ճեմարա՛ն» խօսքէն ետք, Պետօ Գալուստեան հանդէս եկաւ իր «Երթ՝ վերադարձի խոստումով» գրութեան ընթերցումով:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Ինեսա Քէչէք, Կալի Քէշիշեան եւ Վանա Մանիսաճեան ստացան Աւարտական դասարանի գնահատելի աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակը: Ինեսա Քէչէք եւ Կալի Քէշիշեան արժանացան Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Ինեսա Քէչէք: Աւարտական դասարաններու հայերէնագիտական նիւթերու գնահատելի աշխատանք կատարողի «Սօսի Յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան Սինթիա Պայրաքտարեան եւ Սիլվիա Տէմիրճեան: Գերազանց արդիւնք, միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Կարէն Ճինպաշեան եւ Ցոլեր Գէորգեան:  «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակ ստացաւ նաեւ 2019-2020 սերունդի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ, առ ի քաջալերանք եւ գնահատանք դժուար պայմաններու մէջ իրենց տարած աշխատանքին: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակին արժանացան Սինթիա Պայրաքտարեան եւ Սէրլի Հաճաքեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակին արժանացաւ Սելին Գիլեճեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակը ստացան Մեղրի Գասապեան եւ Արմէն Մխճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մարզական մրցանակները ստացան Շանթ Ահարոնեան եւ Նանօր Հէյպէլեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ աշխոյժ աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Շանթ Ահարոնեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Պետօ Գալուստեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացան Կարէն Ճինպաշեան եւ Կալի Քէշիշեան: ԺԲ. դասարանի անգլերէնի գնահատելի աշխատանք կատարողի մրցանակ ստացաւ Ալիք Ճինպաշեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք,  Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «2020-2021 տարեշրջանը բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով եղաւ արտակարգ տարեշրջան մը. ամէն բան ստացաւ արտասովոր ընթացք: Դասաւանդութիւնները տեղի ունեցան մեծամասնութեամբ առցանց դրութեամբ, դասարանային եւ արտադասարանային հանդիպումները, աշխատանքներն ու ձեռնարկները կազմակերպուեցան պաստառներու ետին, ընկերային հաւաքները, տարեդարձները, զուարճալի պահերն ու մրցանքները փոխարինուեցան առցանց տարբերակներով: 2020-2021 կրթական տարեշրջանին, բոլորս ապրեցանք Լիբանանի ներքին ապահովական եւ տնտեսական ծանր վիճակը, քորոնա համավարակին ստեղծած մտահոգիչ պահերն ու ցնցիչ կորուստները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տխուր հետեւանքները եւ մանաւանդ 2020-ի աշնան Արցախեան պատերազմի ճգնաժամային օրերը: Այս տարի, կորսնցուցինք նաեւ  Ճեմարանի շրջանաւարտ,  երկար տարիներու կրթական մշակ եւ Ճեմարանի կրթական պատասխանատու օրիորդ Ալիս Գազանճեանը, որ տարիներ շարունակ ճեմարանաւարտ սերունդներ առաջնորդած է դէպի այս բեմը: Սակայն հակառակ ստեղծուած դժուար ու մտահոգիչ վիճակին, Ճեմարանի անձնակազմն ու աշակերտները նոյն թափով աշխատեցան. անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինին մէջ կատարուեցաւ ֆրանսական պաքալորէայի նոր ծրագիրի պատշաճեցումը՝ մասնագիտական դասանիւթեր, բանաւոր քննութիւններ, նիւթերու գնահատման նոր ձեւաչափ, արժենիշեր, դասագիրքեր, եւայլն: Նոր մարտահրաւէր մըն էր տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, մանաւանդ՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար, որոնք ամբողջութեամբ այս նոր ծրագիրին հետեւելով, պիտի մասնակցէին պետական քննութիւններուն: Այսօր, մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հակառակ մեզ շրջապատող ծանր պայմաններուն, 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական դասարանի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները, եւ ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողեցան (100 առ հարիւր) եւ 21 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (12 բաւական լաւ, 6 լաւ, 2 շատ լաւ եւ 1 շատ լաւ՝ դատակազմի յատուկ գնահատականով): Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները, ծնողները եւ Ճեմարանի անձնակազմը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի ներկայանան յառաջիկայ քննութիւններուն»: Տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նախորդ տարեշրջանի տագնապալից օրերուն Ճեմարանի կողքին գտնուող բոլոր միութիւններուն, հիմնարկութիւններուն, հիմնադրամներուն եւ ազգայիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ամէն գնով օգնելու հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն անձերուն, որոնք Ճեմարանի 90-ամեակին նուիրուած «Մեր բոլորիս ուխտավայր Ճեմարան» առցանց նուիրահաւաքին բերին իրենց մասնակցութիւնը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ճեմարանի աձնակազմի բոլոր անդամներուն, որոնք հոգատարութեամբ, ստեղծագործութեամբ, համբերութեամբ եւ նուիրուածութեամբ անկարելին կարելի դարձուցին եւ եղան միշտ Ճեմարանի եւ աշակերտներուն կողքին: Ապա իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, Փաուլա Եղիայեան ըսաւ. «Այսօր կը դառնաք ճեմարանաւարտ ու կը ստանձնէք Շանթի ու Աղբալեանի վառած ջահը զայն ձեր կարգին փոխանցելու համար յաջորդող սերունդներուն: Կրթութեան այս դարբնոցէն ներս դուք տարիներ զինուեցաք մարդկային, ազգային եւ ընկերային արժանիքներով ու զարգացուցիք ֆիզիքական, հոգեկան ու ընկերային ձեր հմտութիւնները: Ահաւասիկ կը գտնուիք համալսարանի սեմին. ընտրած էք ձեր ապագայ մասնագիտական ուղին եւ ձեզի կը մաղթենք առողջ ու փայլուն ապագայ: Վստահ ենք, որ պատրաստ էք ձեր ներդրումը ունենալու հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին ու Ճեմարանի գոյատեւման եւ բարգաւաճման մէջ: Ճեմարանը ձեր տունն է.  ձեր ուսուցիչներն ու ընկերները ձեր ընտանիքն են: Յետ այսու կը ստանձնէք նոր յանձնառութիւն մը՝ տէր կանգնիլ Ճեմարանին եւ Ճեմարանէն ներս ձեզի փոխանցուած բոլոր արժէքներուն»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Թամար Հաշէօլեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Ալիս Գարաճեան, Ալիք Ճինպաշեան, Անտրու Գարամինասեան, Արին-Հելէնա Գրիգորեան, Արփի Պապիկեան, Բալիկ Թէքէլեան, Էտուարտ Թաշճեան, Ժագոպ ԱճԷմեան, Ինեսա  Քէչէք, Կալի Քէշիշեան, Կասիա Թիւթէլեան, Կարէն Ճինպաշեան, Հելէն Ադամեան, Հուրի Հալէպլեան, Ճոն Ժըհայէմ, Յարութ Ղազարեան, Նանոր Հէյպէլեան, Նարօտ Թաշճեան, Նարօտ Խաչատուր, Շանթ Ահարոնեան, Շանթ Նագգաշեան, Շէրիլին Տիրացույեան, Պետօ Գալուստեան, Պօղոս Համալեան, Ռէն Խաժօ, Ռուպինա Պահտայեան, Սարին Զարմէնեան, Սէրլի Հաճաքեան, Սիլվիա Տէմիրճեան, Սինթիա Պայրաքտարեան, Վանա Մանիսաճեան, Վարագ Կէօզիւպէօիւքեան, Ցոլեր Գէորգեան, Փեռլա Թորոսեան:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները։