Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.
Սեպտեմբեր 13-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ., ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 24-ին ամբողջացաւ երկրորդականի եւ միջնակարգի վերամուտը:
Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի եւ տարրականի բաժինի աշակերտներուն:
Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով, Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ: Այդ օր, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2018-2019 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց աշակերտները ըսելով, որ աւանդութիւն դարձած վերամուտի խորհրդանշական հաւաքը պիտի շարունակուի ամէն անգամ որ աշակերտներուն հանգրուանային վերամուտը ամբողջանայ: Ապա անդրադառնալով Ճեմարանի այս տարեշրջանի յատկանշական նորութեան, ան փոխանցեց, որ արդէն իսկ Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը իր դռները բացած է, փոքրիկները փոխադրուած են նոր կառոյց, եւ յառաջիկայ օրերուն բոլոր աշակերտները առիթ պիտի ունենան իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելելու մանկամսուր:
Փաուլա Եղիայեան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացան «մեծ»երուն եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք ունին պատասխանատուութիւններով լեցուն տարեշրջան մը՝ պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ:
Փաուլա Եղիայեան իր խօսքի աւարտին արդիւնաւէտ եւ աշխատանքային լաւ ու բեղուն տարեշրջան մաղթեց բոլորին, ըսելով որ Ճեմարանը մէկ մեծ ընտանիք է եւ իբրեւ այդպիսին ան շեշտեց գործակցութեան եւ իրարու օգնելու կարեւորութիւնը: Ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: