ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 22-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով, Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ: Այդ օրը, առաւօտեան զբօսանքին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։ Ան ողջոյնի յատուկ խօսք փոխանցեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք բոլորովին նոր շէնքի մէջ են: Տնօրէնը շեշտեց ընկերասիրութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու օգնելու կարեւորութիւնը դպրոցական առօրեայի ընթացքին. ան ադրադարձաւ Ճեմարանի իւրայատուկ գիտակից կարգապահութեան, որ կը կիրարկուի ինքնաբերաբար, առանց խիստ պատժամիջոցներու։ Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնաւորաբար աւարտական դասարանի աշակերտներուն։ Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: