Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2026-2027 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.
16 Սեպտեմբերին երկրորդական բաժինի աշակերտները վերադարձան դպրոց: 22 Սեպտեմբերը նախակրթարանի եւ միջնակարգի վերամուտն էր, իսկ 23 Սեպտեմբերը՝ տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտներուն:
Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով, Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ 2026-2027 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը, բացօթեայ բակին մէջ, բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայութեամբ:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան վերամուտի առիթով աշակերտներուն ըսաւ, որ թէեւ 97 տարեկան է Ճեմարանը, սակայն ան միշտ երիտասարդ կը մնայ իրենց ներկայութեամբ, ապա Ա. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն հանդիսաւոր մուտքը ծափողջոյններով դիմաւորելէ ետք, տնօրէնուհին շարունակեց իր խօսքը, յաջողութիւն մաղթեց նախ տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացած են դպրոցի մայր կառոյցին, ապա երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի աւարտին ունին պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ:
Տնօրէնուհին շեշտեց հայերէնի կարեւորութիւնը, յատկապէս Ճեմարանէն դուրս եւս անոր տէր կանգնելու ճեմարանականի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Ապա ան յաջող տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:
Բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը, ապա Ա. դասարանի աշակերտները իրենց մեծ ընկերներուն օգնութեամբ փուչիկները արձակեցին դէպի երկինք եւ բարձրացան իրենց դասարանները:
