Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 17 Սեպտեմբեր 2024-ի վերամուտը շաբաթ մը ետք ընդհատուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով:
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան յայտարարութեան ընդառաջելով, համեմատաբար խաղաղ շրջաններու մէջ դպրոցները հետզհետէ վերսկսան սովորական դասաւանդութեան: Ճեմարանը նոյնպէս, այս արտակարգ պայմաններուն մէջ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, հանգրուանային ձեւով՝ բաժին առ բաժին, բացաւ իր դռները, աշակերտներուն երթեւեկը ժամանակաւորապէս վստահելով ծնողներուն:
Ճեմարանի 95-ամեայ երթը անցած է բազմաթիւ վերիվայրումներէ, այսուհանդերձ անոր ջահը կը մնայ վառ ու կը շարունակէ գոյատեւել իբրեւ փարոս, լուսաւորելով նոր սերունդներու ուղին դէպի փայլուն ապագայ: