Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2022-2023 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.
14 Սեպտեմբերին Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները վերադարձան դպրոց: 22 Սեպտեմբերը նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն վերամուտն էր, իսկ 27 Սեպտեմբերը՝ տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտներուն:
Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտի օրը, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացած են դպրոցի մայր կառոյցին, եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի աւարտին ունին պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ: Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին Ա. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները: Տնօրէնուհին շեշտեց աշխատանքի կարեւորութիւնը յաջողութեան հասնելու համար, յատկապէս՝ իբրեւ ճեմարանական հայոց պատմութեան ու հայերէնին տէր կանգնելու յանձնառութիւնը եւ աշխատանքային բնականոն տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին: Ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները:
