ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.

Սեպտեմբեր 12-ին Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 18-ին միջնակարգի դասարանները ամբողջացան Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն վերամուտով: 25 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն:

Հինգշաբթի 26 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտի օրը, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց աշակերտները, բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք Յունիսին հրաժեշտ տուին Նորսիկեան մանկապարտէզի կառոյցին, եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի աւարտին ունին պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ: Ան շեշտեց աշխատանքի կարեւորութիւնը յաջողութեան հասնելու համար, հայոց պատմութեան ու հայերէնին տէր կանգնելու համար եւ բարի ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց բոլորին:

Փաուլա Եղիայեան իր խօսքի աւարտին յատկանշեց 2019-2020 տարեշրջանը, որ կը զուգադիպի Ճեմարանի հիմնադրութեան 90-րդ ամեակին եւ ըսաւ, որ այս առիթով ամբողջ տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ: Ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: