«Recyclons-Récupérons-Bricolons»՝ վերամշակուած իրերով զարդարանքներ պատրաստելու դպրոցական ներքին մրցանքին աւարտին յաղթական նկատուեցան միջնակարգի Է1 եւ երկրորդականի ԺԱ. գրական դասարանի աշակերտները:
Իրենց յղացած գաղափարներուն, գործածած վերամշակուած իրերու այլազանութեան եւ ստեղծագործ իրագործումներուն համար, աշակերտները գնահատուեցան, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: