ՎԱՐԴՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ՄԱՐԶԻՉ, ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ ԵՒ ՍԵՐԻՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ ԵՒ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ

Կիրակի, 31 Մայիս 2015-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Յարութ Ալաճաճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. երկրորդական բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին: ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի բաժակներուն տիրացան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Քրիստ Բրուտեան եւ Սերին Սարգիսեան, իսկ լաւագոյն արդիւնք արձանագրող մարզիչի բաժակ յանձնուեցաւ Վարդուկ Մարգարեանի: