ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ ԵՒ 95-ԱՄԵԱԿ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2025-ի առաւօտեան մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Վարդանանց տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին Վարդանին նուիրուած գեղեցիկ կտորներ։

Տօնական տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ բակին մէջ, ուր անոնք հաւաքուեցան՝ նշելու Ճեմարանի 95-ամեակը։ Փոքրիկները մեծ սիրով լծուեցան աշխատանքի՝ զարդարելով Ճեմարանի գիրերը եւ ջահը։ Ապա, երգելով ու պարելով իրենց ուսուցիչներուն հետ, հատեցին կարկանդակը։

Փոքրիկները տուն վերադարձան ձեռային աշխատանքներով եւ յուշանուէրներով ` իրենց սրտին մէջ պահելով օրուան ջերմ պահերը։