Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները նշեցին Վարդանանց տօնը: Անոնք իրենց պատրաստած սուրերը, եռագոյն դրօշները եւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի նկարները բարձր բռնած տողանցեցին բակին մէջ` «զինուորին երգը» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ
