ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԵՒ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Նորսիկեան Մանկապարտէզի Վարդագոյն եւ Կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց դասարաններէն ներս տօնեցին Կաղանդը։ Փոքրիկներուն այցելեց Կաղանդ Պապան, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ ջերմացուց երեխաներուն սրտերը։