ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուսումնական նոր տարեշրջանի վերամուտին, Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Պոլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարդագոյն դասարաններու աշակերտներու ծնողական հանդիպումը:

Հանդիպման սկիզբը, Ճեմարանի տնօրէնուհին ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ յաջող տարեշրջան մաղթելով բոլորին: Ապա մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, ծնողներուն ներկայացուց 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին վերաբերող կազմակերպչական կարեւոր մանրամասնութիւնները:

Հանդիպման աւարտին, խօսք առին հիւանդապահուհի Թալին Ստեփան եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Սիլվա Սողոմոնեան եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց գրասենեակներու գործունէութիւնը: