ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Շաբաթ, 1 Յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի ամավերջի հանդէսը, որուն ընդմէջէն նշուեցաւ նաեւ մայրերու օրը:

Հանդէսին յայտագիրը բաղկացած էր երկու բաժինէ: Առաջին բաժինը նուիրուած էր մայրերուն: Երեխաները երգեցին մօր նուիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցան պարերով եւ սրտի խօսքերով: Համբարձումի տօնին առիթով, փոքրիկներուն մայրերը սրահին մուտքին քաշեցին վիճակներ, զորս կարդացին հանդէսին ժամանակ՝ ըստ ցանկութեան:

Յայտագրին երկրորդ բաժնով, Վարդագոյն դասարանի փոքրերը նշեցին Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Անոնք երգեցին Կոմիտասի «Կաքաւիկ» երգը, ինչպէս նաեւ երաժշտական գործիքներով նուագեցին:

Հանդէսին աւարտին տեղի ունեցաւ համեստ հիւրասիրութիւն մը, որ պատրաստուած էր Մանկապարտէզի խոհանոցէն ներս, ինչպէս նաեւ նկարուելու համար նախատեսուած անկիւնէն ներս ծնողներն ու իրենց փոքրիկները առիթը ունեցան լուսանկարուելու: