«ՍՈՒՏՈՔՈՒ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Փետրուար ամսուան ընթացքին, Թումանեան գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Սուտոքու»-ի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան տարրական բաժինի դասարաններէն աշակերտներ։
Իւրաքանչիւր աշակերտ փորձեց լուծել իր տարիքին համեմատ «սուտոքու»-ի խնդիր մը։
Մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակցող աշակերտները ստացան յատուկ «badge»-եր, իսկ յաղթողները՝ խորհրդանշական նուէրներ։