Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ Ճեմարանի ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան զրուցեց որոշ հասցէներ եւ թիւեր գիտնալու կարեւորութեան մասին, ինչպէս՝ իրենց տան հասցէն բացատրել օտար լեզուով, ծնողներէն մէկուն հեռաձայնի թիւը գիտնալ, նաեւ երեք կարեւոր թիւեր՝ հրշէջ, հիւանդատար ինքնաշարժ եւ ոստիկանատուն: Աշակերտները այս նիւթով աշխատանք մը կատարեցին եւ խաղ մը խաղացին, սորվեցան կարեւոր թիւերը եւ որոշեցին տունը տեղադրել զանոնք՝ օգտագործելու համար անհրաժեշտութեան պարագային:
ՍՈՐՎԻՆՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ԹԻՒԵՐԸ
