ՍԵՌԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021-ին, միջնակարգի բոլոր դասարաններուն աշակերտները առցանց հանդիպումներ ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ընկերային ծառայողը եւ բնապատմութեան ուսուցչուհին:

Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ տալ աշակերտներուն ազատ եւ հանգիստ արտայայտուելու եւ ստանալու գիտական, մասնագիտական պատասխաններ՝ զիրենք հետաքրքրող եւ իրենց տարիքին յատուկ սեռային, ընկերային հարցերու մասին, մանաւանդ երբ առցանց դրութեամբ պատանիներուն դիւրամատչելի դարձած են այս առնչութեամբ բազմաթիւ նիւթեր, անհրաժեշտ է զուգահեռաբար արժէքներ փոխանցել անոնց։