ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցան սեռային դաստիարակութեան վերաբերեալ հետեւեալ դասախօսութիւնները.

19 Նոյեմբեր, 2018-ին Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեան (միջնակարգի դասարաններ):

3 Ապրիլ 2019-ին կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան (երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ):

11 Ապրիլ, 2019-ին մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան (նախակրթարանի Զ. դասարան):

Վերոյիշեալ դասախօսութիւններուն ընթացքին, աշակերտներուն հետ արծարծուեցան իրենց տարքին վերաբերող սեռային նիւթեր, եւ անոնք առիթ ունեցան լուսաբանական հարցումներու: