ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ մարդակազմութեան, երկրորդական սեռային յատկութիւններուն եւ սերնդագործութեան մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Առիթէն օգտուելով, զբօսանքի դադարին, Է. եւ Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին մէջ, դարձեալ հանդիպեցան Տոքթ. Տագէսեանին հետ եւ հարցումներ ուղղեցին:

Իսկ նախակրթարանի Ե. դասարանի աղջիկներն ու տղաքը անջատաբար Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակէն ներս, Տիկին Սիլվա Քիւրքճեանին հետ զրուցեցին իրենց տարիքին յատուկ սեռային փոփոխութիւններուն եւ հարցերուն մասին: