ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 23 Մայիս 2013-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց միջնակարգի Ը. դասարաններու աշակերտներուն։ Նիւթի առաջին մասը ներկայացուց ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան, որ անդրադարձաւ այս տարիքի պատանիներուն սեռային հարցերու հակումին, որ գոյութիւն ունի հին ժամանակներէն ի վեր, սակայն այսօր միջցանցի արագ փոփոխութեամբ, պատանիներուն դիւրամատչելի դարձած են այս առնչութեամբ բազմաթիւ նիւթեր։ Մօտաւորապէս մէկ ժամուան տեւողութեամբ մանկավարժ-հոգեբան Սիլվա Փափազեան օրինակներով եւ հարցադրումներով ներկայացուց նիւթին երկրորդ մասը՝ պատանիներ, որոնք սեռային հիմունքով նեղութիւն կը պատճառեն շրջապատին (խօսքով, գրութեամբ կամ այլ…)։ Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին եւ յայտնեցին իրենց կարծիքները։