ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2023-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեանի հետ եւ միասնաբար զրուցեցին հետեւեալ նիւթերուն մասին.  սեռականութիւնը, անոր այժմէական հասկացողութիւնը, անոր ընտելացումը մեր ընկերութեան մէջ յատկապէս եւ արեւմուտքի մէջ՝ ընդհանրապէս:

Արծարծուեցաւ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը այս հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր տարիքներու եւ շրջանակներու կեցուածքն ու ընդհանուր մարդկութեան դիտանկիւնը: Խօսուեցաւ նաեւ մանուկներու եւ պատանիներու այս նիւթերուն ընկալումին մասին: