ՍԵԼԻՆ ԳԻԼԵՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ «ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն հինգ աշակերտներ մասնակցեցան ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած «Պահենք Մեր Այբուբենը» խորագրով մեքենագրութեան մրցումին։
 
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Սելին Գիլեճեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ աւարտական դասարանի աշակերտ Սեւակ Զարմէնեան հանդիսացաւ երկրորդ։ Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները եւ մասնակցող աշակերտները։