«ՋԱՒԱԽՔԸ ԱՅՍՕՐ»՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ԻՎԱՆ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՀՕՄ-ի Ջաւախք հիմնադրամի ներկայացուցիչ եւ  Ճեմարանի 1985-ի շրջանաւարտ Իվան Արտալճեան այցելեց Ճեմարան: Ան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ փոխատենապետին հետ, ապա դպրոցին մէջ շրջելէ ետք, «Պօլեան» սրահին մէջ երկրորդականի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ Ջաւախքի մասին. ան ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք շրջանի պատմականն ու աշխարհագրական դիրքը, անդրադարձաւ ջաւախահայութեան դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն եւ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւններուն, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: