ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԴԷՊԻ ՏՈՒՐՄԻ «ՂՐԱՈՒԻ» ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 30 Նոյեմբեր 2018-ին, մենք՝ 8-րդ դասարանի աշակերտներս, կատարեցինք դաստիարակչական պտոյտ մը դէպի Պէյրութի Քֆարշիմա շրջանի «Ղրաուի» տուրմի գործարանը: Այս այցելութեան նպատակը գործարանի մը բաժանումներուն եւ գործաւորներուն աշխատանքին ուսումնասիրութիւնն էր, որովհետեւ սորված էինք տուրմի պատրաստութիւնը, թէ ուրկէ՛ ան յայտնուեցաւ եւ դարձաւ մեր ամէնէն սիրած քաղցրեղէնը: Արդարեւ, այս բոյսը եղած է թագաւորներու քաղցրեղէնը: Սորված էինք գործաւորներու մասին, որոնք ձգած էին իրենց հօրենական տունը եւ եկած էին աշխատելու: Անոնց աշխատելաձեւը եւ տուրմի պատմութիւն ու պատրաստութեան եղանակը, մեր այս այցելութեան հիմնական նպատակներն էին:

Ժամը 10:30-ին հասանք գործարան, ուր կին մը մեզ ընդունեց ջերմ ու քաղցր ժպիտով: Նախ մտանք այն բաժինը, ուր եւրոպայէն կը հասնի տուրմը, ապա անցանք ու դիտեցինք գործարանին բոլոր յարկերն ու բաժինները: Իւրաքանչիւր բաժինի գործունէութեան մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ ստացանք: Սորվեցանք, որ նախ տուրմը կը հալեցնեն, ապա զայն կաղապարներու մէջ կը դնեն, եւ վերջապէս ան պատրաստ կ’ըլլայ: Գործաւորներ՝ ընդհանրապէս կիներ, իրենց ձեռքերով առանձին-առանձին կը փաթթեն տուրմի իւրաքանչիւր կտոր: Շատ հետաքրքրական ու հաճելի էր տեսնել, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ կ’անցնի ան մինչեւ վաճառատուն հասնիլը:

Գործարանը ունէր յատուկ կանոններ, օրինակ՝ մեզմէ պահանջուած էր կապել մեր մազերը, յատուկ գլխարկներ դնել մեր գլխուն, չկրել զարդեղէններ, եւայլն: Գործարանին այցելութենէն ետք գացինք իրենց ցուցասրահը, ուր կը վաճառուէին տուրմի բազմաթիւ տեսակներ, որոնք պատրաստուած էին մեր այցելած գործարանին մէջ: Մեզի առիթը տրուեցաւ համտեսելու եւ գնումներ ընելու այդ խանութէն:

Մենք շատ ուրախ էինք այս գործարանին մէջ, որովհետեւ դասարանային առօրեայ մթնոլորտէն դուրս շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք, բայց նաեւ գիտելիքներ ամբարեցինք:

Անժելինա Դարբինեան – Կարին Եղիայեան

             Après notre discussion en classe sur la découverte du chocolat et la recette de chocolat chaud, boisson favorite de Louis XV, nous avons visité la chocolaterie Ghrawi en compagnie de notre prof. d’Histoire pour avoir plus d’informations sur la préparation du chocolat. Le Vendredi 30 novembre, nous sommes montés dans les bus pour nous diriger vers Kfarchima, où les guides nous attendaient déjà. Nous avons passé en revue toutes les machines à chocolat et grâce aux explications de la guide, nous avons pu nous familiariser avec les méthodes maîtrisées à la perfection par les maîtres chocolatiers. Nous avons vu des rivières de chocolat couler sur des tapis roulants, venir se déverser dans des moules qui donnaient à cette mixture mille et une formes différentes. On trouvait des chocolats carrés aux éclats de noisette et d’amande, d’autres étaient enrobés d’une fine couche de praline. Certains étaient fourrés à la pistache ou au caramel. Il y en avait pour tous les goûts. On restait là, les yeux pétillants, l’eau à la bouche. Puis, tous ces petits délices étaient enveloppés par des mains fines et ingénieuses, dans du papier coloré. On aurait dit des boîtes de bijoux aux pierres luisantes. Quel bonheur de pouvoir travailler là, dans ce paradis du chocolat !

          Finalement, nous avons visité la salle de vente où la majorité des élèves ont acheté les spécialités de l’usine. A la fin de la journée, nous sommes revenus à l’école, ravis de notre sortie éducative, ludique et gastronomique à la fois.

Caline Kiledjian