Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժէյիթայի քարայր եւ մանրամասնութեամբ ծանօթացան բնութեան այս հրաշալիքին:
Դպրոց վերադառնալէ ետք, աշակերտները մանկապարտէզի պարտէզին մէջ միասնաբար ճաշեցին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին:
