«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «անսխալ գրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի աշակերտները արձանագրած են փայլուն եւ գնահատելի արդիւնքներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները.

Դ. դասարանէն՝ Լոռիթա Սրուրեան (անսխալ):

Ե. դասարանէն՝ Նարեկ Չերքէզեան (անսխալ), Սելին Գիլէճեան, Աւետիս Խաչատուրեան, Ալիք Մոմճեան, Օրօր Մարկոսեան եւ Լոռի Բակլայեան (1 սխալ), Ալիք Քէշիշեան եւ Սարին Մահտեսեան (2 սխալ): 

Զ. դասարանէն՝ Լորի Յովսէփեան (անսխալ), Արամ Աղասարգիսեան, Լոռի Աւետիս, Ժուլիանա Թրթռեան (1 սխալ), Նժդեհ Մերտխանեան, Գարինա Վասիլեան (2 սխալ):

Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: