«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրաին մէջ տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի «Անսխալ գրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Լենա Արապօղլեան մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկի բացման ընթացքին ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, թէ՛ ծնողներուն, որոնք կը մղեն ու կը քաջալերեն իրենց զաւակները տիրապետելու մայրենի լեզուին: Արապօղլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին, որ կը հոգայ մեր մրցանակակիր մանուկներուն նուէրները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտին եւ «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտին: Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ ուրախութիւն յայտնեց նշելով, թէ ամէն տարի քիչ մը աւելի կ՚ըլլայ «Պզտիկ- Մզտիկ»ի մրցանքներուն մասնակցողներուն թիւը, իսկ այս տարի նաեւ արդիւնքներն ալ շատ լաւ են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հետաքրքրութիւն կայ հայոց լեզուին նկատմամբ, մայրենին անտարբերութեամբ չի դիտուիր. երբ անսխալ գրողներուն թիւը շատ է, ասիկա կը նշանակէ, թէ կապուածութիւն եւ սէր կայ լեզուին նկատմամբ: Գանտահարեան ուրախութեամբ նշեց, թէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ձեռք ձգած յաջողութիւնները քաջալերեցին նաեւ, որ բացի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»էն իրենց օժանդակութիւնը բերեն նաեւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտը՝ հրատարակչական որոշ աշխատանքներու գծով եւ «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտը, որ տարեկան 20 հազար ամերիկեան տոլար կը յատկացնէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ին, որ շուտով պիտի թեւակոխէ իր 10-ամեակը: Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ շնորհիւ նման ձեռնարկներու, աշակերտներուն մօտ կը ծաղկի մրցակցութեան ոգին, ինչ որ կը զարգացնէ հայոց լեզուի եւ հայերէնագիտութեան նկատմամբ անոնց սէրը: Սակայն ասոր զուգահեռ ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ օրէ օր լիբանանահայ գաղութին մէջ կը պակսի հայերէն լաւ գիտցողներուն թիւը, եւ ատիկա այն գաղութին մէջ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն համար մարդուժ հայթայթած է: Նահանջը կասեցնելու համար կ՚արժէ գնահատել նման ձեռնարկներ քաջալերողները, իսկ «Պզտիկ Մզտիկ»ը գրեթէ միակն է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ գաղութին մէջ: Իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ Ճինպաշեան յայտնեց, թէ իրենք բախտաւոր են, որ ներկայ են հանդիսութեան, քանի որ իրենց զաւակները մրցանակակիրներն են, եւ շեշտեց, թէ ինչ որ հայերէնի միջոցով կ՚ըլլայ, միայն հայերէնի համար չէ, քանի որ ո՛վ որ իր մայրենի լեզուն չի ճանչնար խորքով, իր գեղեցկութեամբ եւ իր գաղտնիքներով, այլ լեզուներու չի կրնար տիրապետել: Ան ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ին եւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմին: Վերջաւորութեան հրաւիրուեցան «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի, «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտի եւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտի ներկայացուցիչները՝ բաշխելու համար մրցանակները: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Երեխաներն ու իրենց ընկերակցող ծնողները սրահէն հեռացան ուրախ եւ գոհունակ սրտով: