ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ (AUB folk dance festival)

Կիրակի, 7 Մայիս 2017-ին, Ճեմարանի Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտուհիներէն խումբ մը մասնակցեցաւ  Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տարեկան պարի փառատօնին (AUB folk dance festival):

Մասնակցող բոլոր վարժարաններու աշակերտները ներկայացուցին զանազան պարեր՝ հնդկական, արաբական, սպանական, եւայլն: Ճեմարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական Եարխուշտան:

Փառատօնի մասնակցութիւնը շատ շինիչ եւ հաճելի փորձառութիւն մըն էր աշակերտուհիներուն համար. անոնք ուրախ ու գոհունակութեամբ վերադարձան տուն:

Փառատօնին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտուհիները. Կասիա Գրիգորեան, Կլօրիա Ճալըֆեան, Կալիա Պաստաճեան, Կարին Եղիայեան, Նարօտ Նագգաշեան, Լիլա Մաքտեսեան, Սիլվիա Տէմիրճեան, Սվետլանա Միքայէլեան, Նաթալի Սարգիսեան, Ինեսա Քեչեք եւ Նարօտ Թաշճեան:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարուսոյց Հուրի Գալայճեանին, որ հետեւողական ձեւով զբաղեցաւ այս ձեռնարկի պարերու ուսուցման աշխատանքով: