ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Տարրականի Ա. եւ Բ. դասարաններու դասացուցակին վրայ այս տարի աւելցած են ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով պատմութեան պահեր՝ իւրաքանչիւրը շաբաթական մէկ պահ, որուն ընթացքին ուսուցիչը գլխաւոր նիւթի մը շուրջ պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, աշակերտներուն հետ պիտի զրուցէ տուեալ նիւթին մասին։ Այսպիսով աշակերտները առիթը պիտի ունենան արտայայտուելու նաեւ օտար լեզուներով եւ զարգացնելու իրենց բառամթերքը։ Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2010-ին, Բ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնով վերամուտի վերաբերեալ հետաքրքրական պատմութիւն մը մտիկ ընելէ ետք, գեղեցիկ յիշատակով մը տուն վերադարձան։