Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանը, իբրեւ պատգամախօս միջնակարգի եւ երկրորդականի ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Ճեմարանի հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ամալիա Մարտիկեան բացման խօսքէն ետք ներկայացուց հիւրը եւ զինք բեմ հրաւիրեց:
Աշոտ Մելքոնեան աշակերտներուն ուղղած իր պատգամը սկսաւ ազգ հասկացողութեան շեշտումով. «Հայ ըլլալը պատի՞ժ է, անէ՞ծք (ինչպէս որ կարգ մը բանաստեղծներ կ’ըսեն) թէ հպարտութիւն»: Ան նշեց օրինակներ բազմաթիւ ազգերու, որոնք այսօր կորսուած են, բայց հայը տակաւին կը մնայ ու կը գոյատեւէ սփիւռքի մէջ նոյնի՛սկ առանց պետականութեան: Ան շարունակեց ըսելով, որ հայ ազգը գոյատեւեց, քանի որ պահուեցաւ պետականութեան գաղափարը, ազգային կուսակցութիւնները փոխարինեցին պետականութիւնը:
Պատմաբանը հակիրճ ակնարկ մը կատարեց ցեղասպանութեան նախորդող շրջանին մասին եւ յայտնեց, որ մեր ազգին զարգացումը վախցուց օսմանեան պետութիւնը, այդ պատճառով ան կազմակերպեց ցեղասպանութիւնը, մեզ բնաջնջելու եւ աշխարհագրականօրէն թրքախօս ցեղերու միջեւ ինկած մեր հողերուն տիրանալու նպատակով: Հայ ժողովուրդը, սակայն, երեք տարի վերջ մղեց Սարդարապատի ճակատամարտը, որուն մասնակից էին նաեւ Արցախցի՛ զօրավարներ,- ըսաւ ան շեշտելով մեր համահայկական մտածողութիւնը: Ապա անդրադառնալով Արցախին եւ շարունակուող ցեղասպանութեան, ան ըսաւ. «Եղեռնները մեզ չեն վախցներ, մենք մշակոյթ ունեցող հզօ՛ր ժողովուրդ ենք, արժանաւոր ժողովուրդ ենք: Վկա՛յ մեր Արարատ լեռը, ուր հանգչեցաւ Նոյ նահապետի տապանը»:
Անգամ մը եւս շեշտելով հայ ազգին գոյատեւելու ու պայքարելու կամքը, Աշոտ Մելքոնեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք ողբերգութիւնը, բայց անով մի՛ խեղճանաք, ինչպէս որ Թումանեան «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութեան մէջ կ’ըսէ. «յոյսի՛ հայրենիք, լոյսի՛ հայրենիք»:
Ամալիա Մարտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանին եւ ձեռնարկը փակեց Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» բանաստեղծութեամբ.
Սա իմ երկիրն է-
չափերով այնպիսին-
որ կարող եմ վերցնել հետս,
թէ մի հեռու տեղ գնամ:
Փոքրիկ՝ ինչպէս ծերացած մայր,
Փոքրիկ՝ ինչպէս նորածին զաւակ
իսկ քարտէսի վրայ
ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ…
Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ…
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: