Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը (ոմանց` հարազատները) այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն։ Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ։
Այս առիթով փոքրիկները կատարեցին հիւրասիրութիւն՝ նախօրօք իրենց պատրաստած կրկնեփուկներով։
ՊԱՊԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
