ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՍ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵՏԱՔՍ

Կանաչ դասարանի փոքրիկները իրենց դաստիարակներուն հետ այցելեցին մետաքսի թանգարան՝ յայտնաբերելու թիթեռնիկին կեանքի շրջանը։ Թանգարանին մէջ անոնք սորվեցան, թէ ի՛նչպէս պզտիկ թրթուրը ժամանակի ընթացքին կը վերածուի գունագեղ թիթեռնիկի։  Փոքրիկները դիտեցին մետաքսէ պատրաստուած գորգերն ու շղարշները, սորվեցան մետաքսի պատրաստութիւնը եւ նոր գիտելիքներով հարստացած վերադարձան դպրոց։