ՈՒՐԱԽԱՑՆԵՆՔ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՆԱՆՔ

Կաղանդի առիթով, նախակրթարանի աշակերտները քաղցրեղէններ բերին եւ երկու շաբաթ մեծ հաճոյքով իրենց զբօսանքները տրամադրելով բարեմաղթութիւններով լեցուն գրութիւններ պատրաստեցին Զուարթնոց կեդրոնի աշակերտներուն համար:

Աշակերտները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ իրենց պատրաստածները ուղարկեցին Զուարթնոց Կեդրոն: