ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ուսման կողմնորոշման մասին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. Ուրբաթ, 19 Նոյեմբերին, ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ՝ ֆրանսական համալսարանէն ( U.S.J.), իսկ Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ՝ Ամերիկեան (L.A.U) համալսարանէն ներկայացուցիչներ փոխանցեցին տեղեկութիւններ նշեալ համալսարաններուն մասին։ Զոյգ համալսարաններու ներկայացուցիչները գոհացում տուին աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն՝ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն։