Կազմակերպութեամբ ԸՆկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներու ուսման կողմնորոշում:
AUB համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Քրիսթինա Պաթրունի: Ան Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ համալսարան եւ մասնագիտութիւն ընտրելու մասին, ապա ներկայացուց AUB համալսարանի մասնագիտութիւնները եւ հետագային գործի կարելիութիւնները: Աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք այս համալսարանը մտադրած են յաճախել նոյնպէս առանձին հանդիպում ունեցան համալսարանի ներկայացուցիչին հետ եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին խօսեցան:
