ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հետեւեալ հանդիպումները ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ. Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչները՝ ընկերակցութեամբ Ճեմարանի շրջանաւարտ Սագօ Յակոբեանին, խօսեցան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուին Հայկազեան համալսարան մուտքի պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի մասին: Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբերին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ շատ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Ան լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանին մասին, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին: 2012-2013 տարեշրջանի շրջանաւարտներէն Վարդի Գույումճեան, որ L.A.U. համալսարանի հիւանդապահութեան բաժինի ուսանող է, զբօսանքին զրուցեց աշակերտներուն հետ եւ բացատրութիւններ տուաւ յիշեալ մասնագիտութեան մասին՝ փոխանցելով իր փորձառութիւնը իբրեւ ուսանող: