ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայաստանի A.U.A. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընդմէջէն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն, զեղչի դրութեան եւ Հայաստան ապրելու կարելիութիւններուն մասին: