ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի ընկերութեան ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի 2 Նոյեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ:

Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Նաթալի Թաքաճեան զեկուցեց Հայկազեան համալսարանի մասնագիտութիւններուն, ընդունման վաւերաթուղթերուն, մուտքի քննութիւններուն եւ կրթանպաստներուն մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն լուսաբանական հարցումներուն: Երկրին տնտեսական այս դժուար օրերուն, Հայկազեան համալսարանը հայ ուսանողներուն կողքին է իրենց տրամադրուած կրթանպաստներով եւ մատչելի կրթաթոշակներով: